Անտիպ թերթս

Զահրատ

262,50 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%25
Սեռ՝Բանաստեղծութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագրութիւն, Ապրիլ 2012

Էջն ու չափերը՝

432 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753306

Բացատրութիւն՝

Հատորը կ’ընդգրկէ պոլսահայ նորարար բանաստեղծ Զահրատի անտիպ եւ գիրքերէ դուրս մնացած բանաստեղծութիւնները: Յետ մահու տպագրուած այս գիրքը իրականացած է հեղինակի կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի ջանքերով: Գիրքը կը բովանդակէ Զահրատէ 278 բանաստեղծութիւն, որոնք դասաւորուած են հինգ գլուխներու տակ: «Անտիպ Թերթս» երեւան կը հանէ Զահրատի անծանօթ այլ երեսները՝ թարգմանիչն ու մանաւանդ արձակագիրը:

Հեղինակին մասին՝

Զահրատ

ԶԱՀՐԱՏ բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս 1924-ին ծնած է Պոլիս, Նշանթաշը թաղը։ Հօրմէն որբացած է երեք տարեկան հասակին։ 1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը։ Երեք տարի ուսանելէ ետք կիսաւարտ թողած է Ստանպուլի համալսարանի բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Սկսած է զբաղիլ առեւտուրով։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1943-ին, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Առաջին գիրքը՝ «Մեծ քաղաքը», հրատարակուած է 1960-ին։ Յաջորդ գիրքերն են «Գունաւոր սահմաններ» (1968), «Բարի երկինք» (1971), «Կանանչ հող» (1976), «Մէկ քարով երկու գարուն» (1989), «Մաղ մը ջուր» (1995), «Ծայրը ծայրին» (2001), «Ջուրը պատէն վեր» (2004)։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու։ Երգիծանկարիչ Օհան (Յովհաննէս Շաշքալ) Զահրատի կարգ մը բանաստեղծութիւնները թարգմանած է թրքերէնի՝ Yağ Damlası («Իյի Շէյլեր» հրատարակչութիւն, 1993, 2000), Yapracığı Gören Balık («Պելկէ» հրատարակչութիւն, 2002), Işığını Söndürme Sakın, («Ատամ» հրատարակչութիւն, 2004), Ferah Tut Yüreğini («Արաս» հրատարակչութիւն, 2015), Kediler («Արաս» հրատարակչութիւն, 2017), Bambaşka Bir Bahar («Արաս» հրատարակչութիւն, 2020)։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.