217,50 ₺
Etiket Fiyatı: 290,00 ₺
Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ։ Ինչպէս վէպերուն, այնպէս ալ պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակները՝ տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու, հասարակութիւններու մէջ։ Իր դուստրը որպէս կին անիշխանականի մը յանձնել չփափաքող հօր մը երգիծական վիճակները տեսնելու համար պահ մը Պուլկարիա այցելելէ ետք, կը վկայենք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը աշխատող պէյրութցի գանձնխոյզներու յոյսերուն։ Կը տեսնենք Վահրիճը, որ դերասան դառնալու երազանքը իր յառաջացեալ տարիքին կ’ապրի գաղտնաբար, կը տխրինք տեսնելով Պուրունսուզ Քատրիյէին առանձնութիւնը, կը ցաւակցինք այն բանտարկեալին, որ կը հաւատայ, թէ իր մահավճիռը պիտի ջնջուի, ինչպէս նաեւ կ’ապրինք մահուան դիմաց անզօր մնացած բանտընկերոջ դառնութիւնը, որ չի գիտեր ինչպէս հաղորդել իրականութիւնը։ Կը հետեւինք այն սիրահարին, որ ծեր մարդու մը հարս տրուած իր պարմանուհի սիրուհին կ’առեւանգէ Զիկանայի լեռնանցքով, եւ Մեծ կղզիին մէջ կը տեսնենք արբունքի տարիքի խենթութիւններն ապրող Պեպան, որ հաց գնելու համար տունէն կ’ելլէ, սակայն ամբողջ օրը կ’անցընէ իր ընկերուհիին հետ։
«Պիպեռեանական պատմուածքի յատկանիշները.- Պատումի ուրոյն թեքնիք՝ պրկութեամբ, երկխօսութիւններու բնականութեամբ եւ դիպուկութեամբ, կերպարներու վարմունքի ու կացութիւններու նկարման կենդանութեամբ, ուրկէ եւ՝ անկրկնելի բեմականութիւն մը, թատերականութիւն մը…», ինչպէս կը գրէ սփիւռքահայ գրագէտ Յարութիւն Քիւրքճեան՝ այս հրատարակութեան համար յատկապէս գրի առած վերջաբանին մէջ։
Պիպեռեան, որ իր վէպերով կը ներկայացնէ ներընտանեկան լռին լարուածութիւններն ու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ առկայ բարդութիւնները, պատմուածքներուն մէջ մարդիկը կը կերպաւորէ կեանքին դիմաց ակամայ գլուխ ծռելու դիրքով։
«Ծովը» առիթ կու տայ ընթերցողին աւելի մօտէն ծանօթանալու արձակագիր Պիպեռեանին, միաժամանակ ապրելու կեանքին այն վիճակները, զոր կը ներկայացնէ հեղինակը։
Ուրիշ բանի չի նմանիր ծովը: Տարիներով մտիկ ըրած ըլլալու ես խօսիլը, ծոց ծոցի պառկած, իրմէ յուսացած, իրմէ վախցած, իրեն զոհած ըլլալու ես: Տարւոյն չորս եղանակին, օրուան չորս պահերուն ապրած ըլլալու ես հետը: Ես քեզի ի՛նչ կ՚ըսեմ, չարչարանք է ծովը: Հեռուէն կը տեսնես, քեզ կը կանչէ: Չերթաս՝ կը տառապիս: Երթաս՝ նորէն կ՚ուզես: Ծովին մէջ ծովին կարօտը կը քաշես: Ելլել չես ուզեր, չելլելը անկարելի է: Կը սպաննէ: Դուն չես գիտեր ինչ է ծովը:
Աղջիկը կին, մանուկը չափահաս կ’ըլլայ, ծովը ծով կը մնայ: Մարդու չի պատկանիր: Ամէն աշնան, գոնէ մխիթարութիւն մը կը զգաս տեսնելով բնութեան ժամանակաւոր մահը: Ծովը ձմեռն ալ կ’ապրի: Եւ ձմեռը մէջը անգամ չես կրնար մտնել: Ձեռք դպցնել չի տար: Տասնըհինգ տարեկան աղջիկի կը նմանի: Բայց դուն չես հասկնար որ: Տասնըհինգ տարեկան աղջիկ սիրա՞ծ ես: Կու գայ, գլուխը կուրծքիդ կը դնէ, քեզ կը սիրեմ կոր կը հեւայ: Պէտք չէ անխոհեմ շարժում մը ընես անժամանակ. մատներուդ մէջէն կը ճողոպրի: Դուն չես հասկնար որ:
Ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը։ Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզեֆ վարժարանները, բարձրագոյն կրթութիւնն ալ ստացած՝ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն։
Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին, երբեմն մաս կազմելով նաեւ անոնց խմբագրակազմերուն։ Քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով 1949-էն սկսեալ քանի մը տարի, մինչեւ 1953 թուականը, բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ։
Պիպեռեան ունեցած է նաեւ քաղաքական գործունէութիւն. 1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եղած է երեսփոխանական թեկնածու՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան շարքերէն։ 1968-ի քաղաքային մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով ընտրուած է Իսթանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, եղած՝ այդ խորհուրդին փոխ-նախագահը։
Գրականութեան առընթեր սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, շինած՝ խաղալիքներ. Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր մը։
Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականներու թաղը։
Գործածած է հետեւեալ գրչանունները՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինօֆիլ. եւն.:
Զաւէն Պիպեռեանի հեղինակային գիրքերն են՝
• «Մեղապարտ Ոսկին կամ աբեղայի մը Գողգոթան» (անթուակիր, հաւանաբար լոյս տեսած է 1953-էն առաջ)։
• «Լկրտածը» (վէպ, 1959, 2020), հեղինակային թարգմանութիւնը՝ Yalnızlar (վէպ, 1966, 2000), ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ La traînée (Ժընեւ, 2015)։
• «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961, 2017):
• «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962, 2017), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Meteliksiz Âşıklar (2017)։
• «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007, 2021), թրքերէն թարգմանութիւնը՝ Babam Aşkale’ye Gitmedi (1998), Karıncaların Günbatımı (2019) ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ Le crépuscule des fourmis (Ժընեւ, 2012)։
• Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (յետմահու հրատ., 2019):
• «Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ» (բանաստեղծութիւններ, 2021)։