«Մեր այդ կողմերը» 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակին (Փարիզ): Եզակի պատահար մըն է, երբ պատմուածքի գիրք մը կ’արժանանայ վեց տպագրութեան, ինչպէս այս մէկ հատորը: Այս գիրքին մէջ կը տողանցեն Տիգրանակերտի վերջին հայերը, կը նկարագրուի 1950-ական թուականներու Տիգրանակերտը՝ իր նեղ փողոցներով, հայկական կեանքով՝ հարսանիք, ծնունդ, թաղում եւլն:
Ծնած է Տիգրանակերտի մէջ, 1938-ին։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղէն։ 1966-1972 թթ. վարած է Ս. Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը։ Հայերէն ու թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով կ՚աշխատակցի Թուրքիոյ մամուլին։ Տիգրանակերտի փողոցներէն մին կոչուած է իր անունով։ Ան թերեւս գաւառի գրականութեան վերջին ներկայացուցիչն է՝ արժանաւոր յաջորդը մեծանուն Յակոբ Մնձուրիի: